Thursday, January 3, 2019

Փոխանցելու մակաբոյծը

Արեւմտահայերէնը միշտ փոխյարաբերութեան մէջ է` թէ՛ օտար լեզուներու եւ թէ՛ արեւելահայերէնի հետ։

Հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն փոխյարաբերութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունի եւ աւելի զգալի դարձած է՝ անկախութեան շրջանին։ Երկու ճիւղերը իրարմէ բառեր ու արտայայտութիւններ փոխ կ՚առնեն, որոնք կը պակսին իրենց բառապաշարին մէջ։ Արեւմտահայերէնի պարագային, արեւելահայերէնի յաճախակի ընթերցումը, արտատպումը եւ հաղորդումը որոշ բառեր երեւան կը հանէ, որոնք տեսակ մը մակաբոյծներ կը դառնան։

Այդպէս է  փոխանցել  բառի պարագան, որ բառացիօրէն «մէկէն միւսը անցընել» կը նշանակէ։ Փոխանցուողը կրնայ նիւթական ըլլալ կամ ոչ։ Օրինակ՝ ունինք «դրամական փոխանցում», ինչպէս ունինք «տեղեկութեան փոխանցում»։

Սակայն, երբ բան մը կ՚ըսենք, չենք փոխանցեր, այլ կը հաղորդենք։ Օրինակ՝ ձայնասփիւռի հաղորդավար մը, որ լուր կը կարդայ, լուրերու  հաղորդում  մը կը կատարէ։

Խնդիրը ուրեմն, կը ծագի, երբ «փոխանցել» կը գործածենք հաղորդելու փոխարէն, ինչ որ չէր պատահեր տասնամեակներ առաջ։ Սովորական երեւոյթ մըն է այսօր լսել «Տիկինը փոխանցեց, որ...» տեսակի նախադասութիւններ, երբ ոչինչ կը փոխանցուի, իսկ ճիշդ արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ՝ «Տիկինը հաղորդեց, որ...»։

Ասիկա պատճէնում մըն է արեւելահայերէնէն, ուր լեզուի փոքր իմացութիւն ունեցող մարդիկ, իրենց հերթին, ռուսերէնէ սխալ թարգմանութիւնը կ՚ընեն։ Այսպէս է որ, այս օրերուն, կրնանք մեր չիմացած լեզուէն փշուրներ սորվիլ՝ առանց իսկ լուր ունենալու այս մասին։ Ո՞վ պիտի ըսէր ․․․

1 comment: