Showing posts with label հնդեւրոպական լեզուներ. Show all posts
Showing posts with label հնդեւրոպական լեզուներ. Show all posts

Thursday, December 20, 2018

Ամէն ինչ ծնունդով մը սկսաւ

Ինչպէս յայտնի է, անգլերէն Christmas բառը Քրիստոսը ունի իր մէջ։ Ան կրճատումն է Christs’s mass (Քրիստոսի պատարագ) բառերուն, որոնք միջնադարուն իրենց նախնական՝ հին եւ միջին անգլերէն ձեւերով գործածուած են։

Շահեկան է նշել, որ անգլօ-սաքսոնները երբեմն տօնը կոչած են Nātiuiteð, որմէ ծագած է արդի անգլերէն Nativity բառը, որուն արմատը լատիներէն nātīvitās ն է (ծնունդ)։

Տօնին հայերէն՝ Ծնունդ անունը, կը համապատասխանէ լատինական ձեւին։ Ստուգաբանական իմաստով, երկու լեզուները նոյն ծագումը ունին։ Լատիներէն nātīvitās կը միացնէ nātīvus (բնիկ) բառը եւ – tas մասնիկը, իսկ nātīvus բառը կու գայ nāscor խոնարհուած բայէն (ծնած եմ), որ իր հերթին աւելի հին gnāscor ձեւէն կը բխի։ Այս ձեւը հնդեւրոպական մայր լեզուէն ծագած է, ուր *ǵenh₁ (ծնունդ տալ) վերականգնուած արմատը կար։ Այս բեղուն արմատէն ծագած են բազմաթիւ լեզուներու նոյնիմաստ բառեր։ 

Այս բառերուն շարքին է հայերէն ծին արմատը, որմէ ունինք գրաբար ծնանիլ բայը , որ աշխարհաբարի մէջ մնացած է ծնիլ ձեւով, եւ ծնունդ գոյականը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նախահնդեւրոպական ձայնը ծ դարձած է հայերէնի մէջ։

Ի հարկէ, ծնունդ բառը կ՚երեւի Աստուածաշունչի առաջին գիրքի խորագրին մէջ՝ Գիրք Ծննդոց ը, որ մարդկութեան ծննդաբանութիւն ը կու տայ։

Ինչպէս կը տեսնենք, ծին արմատը շատ բեղուն է։ Անակնկալ չէ, որ վերջերս գոյական մը դարձած է իբրեւ անգլերէն gene բառին թարգմանութիւնը։

Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ ծիներու ուսումնասիրութիւնը երրորդ հազարեակին, հայոց լեզուն ձեւ կը գտնէ քայլ պահելու ժամանակին հետ։  

Thursday, November 8, 2018

«Աստղ» բառը եւ իր ազգակիցները

Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ անգլերէն star եւ հայերէն աստղ բառերը ո՛չ միայն նոյն գաղափարը ցոյց կու տան, այլեւ ազգական են իրարու։

Աստղիկ անունը երբեմն Stella ձեւով կը թարգմանուի՝ ձեւական նմանութեան բերումով, թէեւ Աստղիկ հայ հեթանոսական դիցարանին մէջ սիրոյ եւ բեղունութեան աստուածուհին էր, մինչ Stella Maris («ծովու աստղ») Աստուածամօր լատիներէն անուններէն մէկն էր։

Իրականութեան մէջ, Աստղիկ կը ներկայացնէր Մերձաւոր Արեւելքի դիցարաններու մէջ լաւածանօթ աստուածուհիի մը հայկական տարբերակը։ Սումերական հին աստուածուհի Ինաննան, որ կապուած էր սիրոյ, բեղունութեան եւ այլ յատկանիշերու հետ, աւելի ուշ պաշտուած է Միջագետքի սեմական քաղաքակրթութիւններուն կողմէ (ակկադացիներ, բաբելոնացիներ, ասորեստանցիներ) Իշտար անունով։ Իշտարի պաշտամունքը դրացի սեմական տարածքներու մէջ (Սուրիա, Պաղեստին) Աշտարտ անունով ծաւալած է, իսկ այս անունը եբրայերէն յիշուած է Աշտորետ ձեւով, որ հելլենականացած կերպով ծանօթ է իբրեւ Աշտարտէ։ Այս աստուածուհիին խորհրդանիշը Արուսեակ (Վենիւս) մոլորան էր՝ երկինքի ամենափայլուն աստղը հին ժամանակներուն։

Գիտնականները առաջարկած են այն վարկածը, թէ Ishtar անունը նախասեմական կնոջական *attar («երկինք, աստղ») գոյական կու գայ, որ իր կարգին կրնայ հասարակաց ծագում ունենալ նախահնդեւրոպական *h-ster («աստղ») բառին հետ։

Այս վերականգնուած բառը դարձած է հնդեւորական լեզուներու «աստղ» բառին աղբիւրը։ Ունինք, օրինակ, յունարէն aster, իրանական լեզուներու star, լատիներէն stella, գերմաներէն stern, եւ այլ նման բառեր։ Հայերէն աստղ (նաեւ աստեղ՝ գրաբարի մէջ) յունարէն ու լատիներէն բառերուն մէջտեղը կը թուի ըլլալ, եւ ոչ այնքան հեռու անգլերէնէն։

Thursday, October 25, 2018

Հաւկիթներու փնտռտուք

Ինչպէս գիտենք, գաղափարներ կան, որոնք գրական հայերէնի երկու լեզուաճիւղերով՝ արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն, տարբեր ձեւերով կ՚արտայայտուին։ Օրինակ՝ hotel, ink, եւ այլն։ Այս անգամ, պիտի անդրադառնանք egg («հաւկիթ») բառի պարագային։

Ե. դարու հեղինակները արդէն ձու բառը կը գործածէին։ Այս բառը մտաւ արեւելահայ բազմաթիւ բարբառներու մէջ՝ Կովկաս թէ Իրան, եւ մինչեւ օրս մնացած է գրական արեւելահայերէնի մէջ։ Այս բառով կերտուած են շարք մը բարդ բառեր, ինչպէս ձուածեղ, ձուաձեւ, ձուարան, եւ այլն։ Այս բառերը հաւասարապէս կը գործածուին արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մէջ (ուր երբեմն հաւկթաձեւ կը գործածուի ձուաձեւի տեղ)։ Օրինակ՝ ձուածեղ բառը Երեւանէն մինչեւ Պոլիս եւ այլուր գործածուած է բարբառներուն մէջ, հնչիւնական տարբերութիւններով հանդերձ։

Ձուի պարագան նոյնը եղած չէ։ Արեւմտահայ բարբառները ընտրած են հաւկիթ բարդ բառի գործածութիւնը։ Հաւը թռչուններու ընդհանուր անուանումն էր գրաբարով, որ աշխարհաբարի մէջ աքլորի էգին յատկացուեցաւ, իսկ կիթ կը նշանակէ «կենդանիի արտադրութիւն» (1)։ Հետեւաբար, գրական արեւմտահայերէնի մէջ հաւկիթ դարձաւ հաւուն արտադրածը, որ հետագային կիրարկուեցաւ որեւէ կենդանիի արտադրած... հաւկիթներուն համար։

Կը մնայ պարզել ձու բառին ծագումը։ Հնդեւրոպական լեզուները հասարակաց բառ մը ունին eggի համար։ Հնդեւրոպական նախալեզուին բառը *o(u)i-om (հնչել՝ o(v)iom) էր, որ յետոյ ունեցաւ իր տարբերակները՝ *oyom/ovom արեւմտեան լեզուներուն մէջ, եւ *aya արեւելեաններու պարագային։ Հայերէնի պարագային, դժուար է պարզել ձ հնչիւնին ծագումը։ Որոշ լեզուաբաններ եզրակացուցած են, որ սկզբնական *oiom բառը դարձած է *ioiom, իսկ *i հնչիւնը դարձաւ tz (ձ)։ Անոնք կը յիշեն ձաւար բառին պարագան, որ կը ծագի նախահնդեւորպական *ieuo «արմտիք» բառէն)։ Եթէ յիշենք, որ egg բառը *oyom-էն կու գայ, ուրեմն ի վերջոյ, անգլերէն egg ու հայերէն ձու բառերը հեռաւոր զարմիկներ կը դառնան։      
------
(1) Կթել բայը կը նշանակէ «անասունէ մը արդիւնք քաղել»։ Հետեւաբար, կով կթել կը նշանակէ «կովէն (կաթ) քաղել», ինչ որ չ՚ենթադրեր, որ կթել եւ կաթ իրարու հետ կապուած են։