Ինչպէս յայտնի է, անգլերէն
Christmas
բառը Քրիստոսը ունի իր մէջ։ Ան կրճատումն է
Christs’s mass
(Քրիստոսի պատարագ) բառերուն, որոնք միջնադարուն իրենց նախնական՝ հին եւ միջին անգլերէն ձեւերով գործածուած են։
Շահեկան է նշել, որ անգլօ-սաքսոնները երբեմն տօնը կոչած են
Nātiuiteð,
որմէ ծագած է արդի անգլերէն
Nativity
բառը, որուն արմատը լատիներէն
nātīvitās
ն է (ծնունդ)։
Տօնին հայերէն՝
Ծնունդ
անունը, կը համապատասխանէ լատինական ձեւին։ Ստուգաբանական իմաստով, երկու լեզուները նոյն ծագումը ունին։ Լատիներէն
nātīvitās
կը միացնէ
nātīvus
(բնիկ) բառը եւ –
tas
մասնիկը, իսկ
nātīvus
բառը կու գայ
nāscor
խոնարհուած բայէն
(ծնած եմ), որ իր հերթին աւելի հին
gnāscor
ձեւէն կը բխի։ Այս ձեւը հնդեւրոպական մայր լեզուէն ծագած է, ուր
*ǵenh₁
(ծնունդ տալ) վերականգնուած արմատը կար։ Այս բեղուն արմատէն ծագած են բազմաթիւ լեզուներու նոյնիմաստ բառեր։
Այս բառերուն շարքին է հայերէն
ծին
արմատը, որմէ ունինք գրաբար
ծնանիլ
բայը
,
որ աշխարհաբարի մէջ մնացած է
ծնիլ
ձեւով, եւ
ծնունդ
գոյականը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նախահնդեւրոպական
*ǵ
ձայնը
ծ
դարձած է հայերէնի մէջ։
Ի հարկէ,
ծնունդ
բառը կ՚երեւի Աստուածաշունչի առաջին գիրքի խորագրին մէջ՝
Գիրք Ծննդոց
ը, որ մարդկութեան
ծննդաբանութիւն
ը կու տայ։
Ինչպէս կը տեսնենք,
ծին
արմատը շատ բեղուն է։ Անակնկալ չէ, որ վերջերս գոյական մը դարձած է իբրեւ անգլերէն
gene
բառին թարգմանութիւնը։
Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ ծիներու ուսումնասիրութիւնը երրորդ հազարեակին, հայոց լեզուն ձեւ կը գտնէ քայլ պահելու ժամանակին հետ։
No comments:
Post a Comment