Showing posts with label ծիներ. Show all posts
Showing posts with label ծիներ. Show all posts

Thursday, December 20, 2018

Ամէն ինչ ծնունդով մը սկսաւ

Ինչպէս յայտնի է, անգլերէն Christmas բառը Քրիստոսը ունի իր մէջ։ Ան կրճատումն է Christs’s mass (Քրիստոսի պատարագ) բառերուն, որոնք միջնադարուն իրենց նախնական՝ հին եւ միջին անգլերէն ձեւերով գործածուած են։

Շահեկան է նշել, որ անգլօ-սաքսոնները երբեմն տօնը կոչած են Nātiuiteð, որմէ ծագած է արդի անգլերէն Nativity բառը, որուն արմատը լատիներէն nātīvitās ն է (ծնունդ)։

Տօնին հայերէն՝ Ծնունդ անունը, կը համապատասխանէ լատինական ձեւին։ Ստուգաբանական իմաստով, երկու լեզուները նոյն ծագումը ունին։ Լատիներէն nātīvitās կը միացնէ nātīvus (բնիկ) բառը եւ – tas մասնիկը, իսկ nātīvus բառը կու գայ nāscor խոնարհուած բայէն (ծնած եմ), որ իր հերթին աւելի հին gnāscor ձեւէն կը բխի։ Այս ձեւը հնդեւրոպական մայր լեզուէն ծագած է, ուր *ǵenh₁ (ծնունդ տալ) վերականգնուած արմատը կար։ Այս բեղուն արմատէն ծագած են բազմաթիւ լեզուներու նոյնիմաստ բառեր։ 

Այս բառերուն շարքին է հայերէն ծին արմատը, որմէ ունինք գրաբար ծնանիլ բայը , որ աշխարհաբարի մէջ մնացած է ծնիլ ձեւով, եւ ծնունդ գոյականը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նախահնդեւրոպական ձայնը ծ դարձած է հայերէնի մէջ։

Ի հարկէ, ծնունդ բառը կ՚երեւի Աստուածաշունչի առաջին գիրքի խորագրին մէջ՝ Գիրք Ծննդոց ը, որ մարդկութեան ծննդաբանութիւն ը կու տայ։

Ինչպէս կը տեսնենք, ծին արմատը շատ բեղուն է։ Անակնկալ չէ, որ վերջերս գոյական մը դարձած է իբրեւ անգլերէն gene բառին թարգմանութիւնը։

Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ ծիներու ուսումնասիրութիւնը երրորդ հազարեակին, հայոց լեզուն ձեւ կը գտնէ քայլ պահելու ժամանակին հետ։