Յաճախ
գրած ենք այն մասին, թէ կարեւոր է հայերէն մտածել երբ հայերէն կը խօսիք
(կամ կը գրէք)։ Վերջին հաշուով, որեւէ օտար լեզուով խօսելու պարագային, այդ
լեզուով պէտք է մտածէք։ Ինչո՞ւ։ Առաջին հերթին, որովհետեւ կ՚ուզէք ցոյց
տալ, թէ դուք կը տիրէք այդ լեզուին, եւ ո՛չ թէ այդ լեզուն ձեզի կը տիրէ։
Երկրորդ՝ եթէ կը սկսիք ընդօրինակել, օրինակ, անգլերէն կառոյցներ երբ
սպաներէն կը խօսիք, վստահ եղէք, որ այդ լեզուն խօսողներու կատակներուն
թիրախը պիտի դառնաք։ (Եթէ յանկարծ հեռաձայնով հաղորդագրութիւն ղրկէք՝ “Mi
casa es no su casa” նախադասութեամբ, հետեւելով անգլերէն “My house is not
your house” նախադասութեան, վստահ եղէք, որ ձեր խօսակիցը ձեզ պիտի ողողէ
գետինները խնդալէն տապլտկող emojiներով։ Ինչո՞ւ։ Պարզապէս որովհետեւ
սպաներէն կ՚ըսեն “Mi casa no es su casa”)։
Քանի
մը օրինակներ կրնան օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն հայերէն սորվողներու կամ
Ամերիկա ծնած հայախօսներուն, այլեւ նոյնիսկ բնիկ հայախօսներուն, որոնք
երկար ժամանակ անգլիախօս միջավայրի մէջ ապրած են։ Չէ՞ք կարծեր։ Վստահաբար
կրնաք ձեզ ճանչնալ հետեւեալ երեք սովորական օրինակներուն մէջ.
1) Take your time
Դուք
ժամանակ կ՚առնէք որեւէ գործ ընելու համար, ըլլայ նախաճաշել, դաս ընել,
նամակ գրել կամ խոտը կտրել։ Այսինքն՝ գործը կ՚ընէք ձեր կշռոյթով։
Անշուշտ,
շատ լաւ հասկցաք, թէ մէկը ի՞նչ կ՚ուզէր ըսել (ծնած՝ Պոստոն, Պոլիս, Փարիզ
կամ Պէյրութ), երբ քաղաքավարօրէն ձեզի ըսաւ «Ժամանակդ առ»։ Այսինքն՝ “Take
your time”։ Ճիշդ հասկցաք, բայց ըսողը սխալ ըսած էր։ Եթէ իսկապէս հայերէն
խօսէր, պիտի յանձնարարէր՝ «Մի՛ աճապարեր»։
Երկու
իրարմէ անկախ լեզուներ երբեմն կրնան նոյն գաղափարը միեւնոյն կառոյցով
արտայայտել, բայց յաճախ իրարմէ լրիւ ձեւով։ Հայերէնը աւելի աղքատ չէ,
որովհետեւ «Մի՛ աճապարեր» կ՚ըսէ՝ «Ժամանակդ առ»ի փոխարէն։ Փաստօրէն, ան
երկրորդ արտայայտութիւն մը չէ ստեղծած միեւնոյն բանը ըսելու համար։ Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ դուք ժամանակին տէրը չէք, որպէսզի զայն առնէք...։
2) I had a good time
Այլ
առիթով խօսած ենք այն մասին, թէ «to have» անգլերէն բայը բազում իմաստներ
ունի, մինչ հայերէն «ունենալ»ը մէ՛կ իմաստ ունի՝ «իւրացնել, տէր դառնալ,
ստանալ»։ Նորէն, դժուար է մտածել, որ դուք կը հաւատաք, որ ժամանակի տէրն
էք։ Սակայն, ճիշդ ա՛յս է տպաւորութիւնը, զոր կը ձգէք, երբ կը քալէք դէպի
ձեր ինքնաշարժը խնճոյքէ մը ետք ու կ՚ըսէք. «Լաւ ժամանակ ունեցայ»։ Եթէ ձեր
խօսակիցը ճիշդ հայերէն գիտէ, կրնայ պատասխանել. «Չէ, չունեցար»։ Պատճառը
այն է, որ դուք լաւ ժամանակ «չունիք» երբ խնճոյքի մը կ՚երթաք կամ երբ որեւէ
այլ բան կ՚ընէք, որ կապուած է “to have a good time” արտայայտութեան։
Հետեւաբար, հայերէն մտածող հայախօսը կ՚ըսէ. «Ես լաւ ժամանակ անցուցի» ։ Եթէ կը կարծէք, թէ ճիշդ չի հնչեր, միայն մէկ պատճառ կայ. կը փորձէք հայերէն խօսիլ... անգլերէնի հմայքին տակ։
3) Have a nice day
Օրական
քանի՞ անգամ կ՚ըսէք ասիկա։ Կը կրկնենք. խնդիրը այն է, որ ժամանակի տէրը
չէք, հետեւաբար՝ օրուան տէրն ալ չէք կրնար ըլլալ։ Հետեւաբար՝ «Լաւ օր
ունեցէք» ըսելը անիմաստ է, որովհետեւ գաղափարը գոյութիւն չունի հայերէն
մտածողութեան մէջ։ Դուք պարզապէս լաւ օրուան մը մաղթանքը կ՚ընէք, եւ կ՚ըսէք
«Լաւ օր ձեզի»։ Անշուշտ, այս տողերուն ընթերցողը շատ լաւ գիտէ, որ եթէ կը խօսի ընկերոջը կամ ընտանիքի անդամին, «Լաւ օր ձեզի» պիտի ըսէ...։
No comments:
Post a Comment