Սմբուկը եւ լոլիկը այն երկու բանջարեղէններն են (թէեւ ըստ էութեան, առաջինը պտուղ մըն է), որոնց օտար անունները՝ պատընճան եւ թոմաթես, լայնօրէն տարածուած են խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ։ Հարկաւ, այս հաստատումը կը վերաբերի այն անձերուն, որոնք ըստ երեւոյթին դպրոցական բաւականաչափ ուսում չեն ունեցած՝ բառերուն բուն հայերէն ձեւերը սորվելու, եւ կամ դժուարութիւն ունին վերջիններս տեղին կերպով օգտագործելու։
Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը իր «Հայերէն արմատական բառարան»ին մէջ «սմբուկ» բառի մասին արդարացիօրէն նշած է, որ պէտք է օտար ծագում ունենայ, քանի որ Հայաստանի համար «օտար եւ նորամուտ բերք» էր։ Սմբուկին ակունքները արեւելեան եւ հարաւային Ասիոյ մէջ են, ուրկէ 8-րդ դարուն արաբներու միջոցաւ հասած է Սպանիա։ Անկարելի չէ, ուրեմն, որ արաբներն ալ մուծած ըլլան Հայաստան, թերեւս Սպանիայէն դար մը առաջ։
Աճառեան ենթադրած է, որ մեր բառին աղբիւրը դասական արաբերէն anab բառն է, որ կը նշանակէ «սմբուկ»։ Այս բառը տուած կ՚ըլլայ հայերէն ամբուկ բառը, որ յետոյ շփոթի հետեւանքով (ա գիրը շփոթուած է ս-ի հետ) դարձած է սմբուկ, ինչպէս որ նման շփոթ մը շերաս բառէն ծնունդ տուած է շերամ բառին։
Հետաքրքրական է նշել, որ արաբերէն al-badinjan անունին (որ բխած է պարսկերէն bâdenjân-էն, իսկ վերջինիս աղբիւրը սանսկրիտն է) al-barangan տարբերակը մտած է Սպանիա խօսուող կատալաներէնին մէջ albergínia ձեւով։ Այս բառը դարձած է ֆրանսերէնի aubergine բառը, որ մինչեւ այսօր նաեւ կը գործածուի Մեծն Բրիտանիոյ անգլերէնին մէջ՝ փոխանակ ամերիկեան eggplant ձեւին, որ ԺԸ. դարուն ծնունդ առած է՝ սմբուկին մէկ տարբերակը սագի հաւկիթներու նմանցնելու հետեւանքով։
Արեւելահայերէնի մէջ, սմբուկը, լոլիկին պէս (որ պոմիդոր կոչուած է՝ ռուսերէնի միջնորդութեամբ իտալերէնէ բխած բառ մը), երկար ժամանակ կոչուած է բադրիջան օտար բառով, որ թրքերէնէ եկած է՝ գաւառաբարբառներու միջոցաւ։ Սակայն, վերջին 20-30 տարիներուն, այս երկու բառերուն հայերէն ձեւերը սկսած են աւելի տարածում ու գործածութիւն ունենալ Հայաստանի առօրեայ կեանքին մէջ։ Առցանց փնտռտուք մը ցոյց կու տայ, որ «սմբուկ» բառը յիշուած է շուրջ 75.000 անգամ, իսկ «բադրիջան»ը՝ շուրջ 11.000։
No comments:
Post a Comment